ՈՐՄԱԶԴԻ (POSTER) ՄՐՑՈՒՄԻ

Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը  (ՀՎՄ), ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար ժամկէտերով թիրախներ:

Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը 2018-ի սկզբին կազմակերպեց որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել  հայերէն խօսելու։

Մրցումին մասնակցիլը ազատ էր երկրորդական վարժարանի բոլոր աշակերտներու եւ համալսարանի ուսանողներու համար:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ  << ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ>>

Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը  (ՀՎՄ), գործակցաբար CSUN-ի Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրին հետ, կազմակերպեց հրապարակային դասախօսութիւն մը Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018-ին, Կլենտէլի Հանրային գրադարանին մէջ։

Դասախօսութեան Նիւթն էր երկլեզուութեան առաւելութիւնները. նիւթը ներկայացուեց  Փրոֆ․ Անա Սանչէզ Մունիոզ։

Դասախօսութիւնը լսելու համար սեղմել հետեւեալ կապը-

https://meetings.webex.com/collabs/url/EYCqN-YQQmmdhXfsxN0GzjZaLhJiLQepabVpufTp7j400000

Դոկտ. Անա Սանչէզ Մունիոզ ծնած է Սպանիա: Սալամանքայի համալսարանէն Պսակաւորի վկայականը ստանալէ ետք, տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն 2007-ին ստացած է Դոկտորական վկայականը՝ լեզուագիտութեան ճիւղին մէջ, իսկ 2011-ին, Սպանիոյ Քոմփոսթելա համալսարանէն ստացած է երկրորդ Դոկտորականը՝ Սպաներէնի մէջ:

Դոկտ. Մունիոզ լիաժամ դասախօս է Նորթրիճի համալասարանին (CSUN) մէջ, ուր վարած է լեզուագիտութեան բաժանմունքը: Ան կը դասախօսէ լեզուագիտութեան, լեզուի իմացութեան եւ ընկերաբանական առնչակից նիւթեր: