ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ

Հաւատալով, որ լեզուն կը կազմէ հայ ինքնութեան կենսական հիմքը, զայն գործածողներու եւ մշակողներու կայուն եւ բաւարար թիւ մը ապահովել, երաշխաւորելով այդ զոյգ խումբերուն, այսինքն՝ հայութեան տեւականութիւնը եւ յաջորդութիւնը։

ՆՊԱՏԱԿԸ

Պատրաստել ապագայի ղեկավարութիւնը՝ ներգրաւելով լեզուական եւ մշակութային շահագրգիռ սփիւռքահայերու հիմնակերտ զանգուածը` պահպանելու մշակոյթի շարունակական կենսունակութիւնը եւ համալրումը: