Որմազդի (Poster) մրցում

Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը  (ՀՎՄ),
ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար
ժամկէտերով թիրախներ:

Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը որոշած է կազմակերպել որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել  հայերէն
խօսելու։

Մրցումին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ համալսարանի ուսանողներ:

Նախագիծերու յանձնումի ժամկէտ է ճշդուած է 26 Նոյեմբեր 2017-ը:

Ստացուած որմազդերը կը քննարկուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ։
Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները կը ստանան պատշաճ պարգեւներ։

Մրցումին պայմաններուն եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է դիմել http://ArmenianLanguageVitality.org/Poster կայքէջին:

Poster Design Competition
In order to encourage the new generation to speak their mother tongue, the Armenian Language Revitalization Committee of the Western Prelacy, has prepared a strategic plan with short and long term action plans, after conducting an extensive research and analysis.

As one of the preliminary steps, the committee has decided to organize a Poster Design Competition to encourage the youth to speak Armenian.

All high school, college and university students are eligible to participate in this contest.

The deadline for submitting the posters is November 26, 2017.

All received posters will be reviewed by a special jury committee.

The first and second place winners will receive proper gifts and awards.

Հայերէն Լեզուի Վերաշխոյժացման Ծրագիր

Մրցումին պայմաններ

Որմազդին նպատակն է հայերէն լեզուի գործածութեան նկատմամբ ստեղծել  հետաքրքրութիւն եւ խրախուսանք։
Որմազդը պէտք է ունենայ իմաստալից, ազդու եւ կենսունակ բովանդակութիւն` քաջալերելու հայախօսութիւնը։
Որմազդը պէտք է նիւթ ունենայ ստորեւ տրուած նշանախօսքերէն մէկը, կամ այլ նմանօրինակ բնաբան մը:
Որմազդը միաժամանակ պէտք է ունենայ հայերէն եւ անգլերէն բնագիր, եւ ըլլայ գունաւոր։
Որմազդի չափը պէտք է ըլլայ 11×17 քառակուսի մատնաչափի հիման վրայ, որ նոյնութեամբ տպագրութեան պիտի յանձնուի։ Որմազդը պիտի տրամադրուի հանրութեան (դպրոցներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, գործատեղիներ եւ այլն)։
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են  այս մրցումով, կրնան իրենց աշխատանքը ուղարկել հետեւեալ հասցէին, մինչեւ 26 Նոյեմբեր 2017։

Armenian Language Revitalization Committee
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Avenue
La Crescenta, CA 91214

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կը խնդրուի հեռաձայնել  (818) 469-1186 թիւին։

Armenian Language Revitalization Committee

Terms and conditions:

The goal of the poster should be to create interest and encouragement towards usage of Armenian language.
The poster should contain a lively, influential, meaningful content to encourage speaking Armenian.
The poster motto should be based on one of the following themes or any other similar motto.
The content of the poster should be in Armenian and English, and in color
The size of poster should be 11×17 square inches, which will be printed and distributed to public for posting at their premises (educational entities, social-sporting-scouting-cultural organizations, work places, etc.).
Those who are interested to participate in this contest should send their work to the following address on or before November 26, 2017.

Armenian Language Revitalization Committee
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Avenue
La Crescenta, CA 91214

For any additional details please call at (818) 469-1186.

Նշանախօսքեր / Լոզունգներ

Themes and Mottos:

Հայերէնը ես եմ

Հայերէնը ինքնութիւնս է

Հայերէնը իմս է

Հայերէնով հարուստ եմ

Հայերէն գործածելով միտքս կը զօրացնեմ

Հայերէնը իմ ընտրութիւնս է

«Հայ լեզուն տունն է հայուն»

Հայերէնը հայրերս են ու ապագաս

Հայերէնը գեղեցիկ է՝ երբ կը խօսինք

Աշխարհը լեզուով կ’ապրի, հայերէնը՝ գործածելով

Կ՚ապրիմ ինքնութիւնս, կը խօսիմ հայերէն

Հայ տունը հայերէնով կանգուն կը մնայ

Հայերէնը մեր բերդն է ու յառաջընթացը ապահովողը

Հայերէնը՝ ցեղասպանութեան վերջին զո՞հը

Հայերէն եմ, Քեզ պահողն եմ,
Եթէ թոյլ տաս՝ վերջին զոհն եմ

Լեզուն չի մեռնիր. Ազգը  կը մեռնի՝ երբ լեզուն մնայ անժողովուրդ