ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

«Հայերէնի վերաշխուժացման մարմին»ը (ՀՎՄ) կազմուեցաւ 2013-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին յանձնարարութեամբ, եւ հրաւէրովը Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային Վարչութեան:

ՀՎՄ-ը աշխատանքի լծուեցաւ այն մեկնակէտով, որ հայերէնը, իբրեւ խօսակցական ու գրաւոր արտայայտութեան լեզու, նահանջի մէջ է Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան մեր շրջանին մէջ: Անուրանալի է, որ լեզուի կենսունակութիւնը կարեւոր հիմ է Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի ու դիմագիծի պահպանման համար:

Կազմութեան յաջորդող տարիներուն, ՀՎՄ-ը մշակեց աշխատանքի նախագիծ, որ ունի յստակ պատկերացում, կը հետապնդէ ճշդուած նպատակներ եւ ռազմավարական գործընթաց, հայերէնի վերակենսաւորման ծրագիրին համար:

Մարմինը համոզուած է, որ մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, կազմակերպութեանց, քաղաքական կուսակցութեանց, մամուլին եւ շահագրգիռ ազգայիններու հետ գործակցութիւնն ու աշխատանքի համակարգումը, մանաւանդ երիտասարդութեան ներգրաւումը համահայկական այս առաջադրանքին, անխուսափելի պանահջ է: