Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կը կոչուի
Հայերէնի Վերաշխուժացման մասնագիտական Մարմին մը

Մեկնելով Ազգային Երեսփոխանական ժողովի տրամադրութիւններէն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, անցեալ տարի Ազգային Առաջնորդարանէս ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար։ Յանձնախումբը իր առաջին ժողովը գումարեց 1 Մայիս 2013-ին։

Յաջորդական քանի մը հանդիպումներով, յանձնախումբը որդեգրեց այն սկզբունքը, որ կը շեշտադրէր, թէ՝ հայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր գործածութենէն խուսափումը համազօր է նահանջի։ Հայերէն հաղորդակցիլն ու հայերէնի իմացութիւնը կենսական են հայկականութեան ու պատկանելիութեան գոյատեւումին։ Առ այս, նոյն ծիրին մէջ համատարած մտահոգութիւններուն ի պատասխան, անհրաժեշտ է դարմաններ գտնել եւ այս յոյժ կարեւոր առաջադրանքը իրականացնել։

Յանձնախումբը նախաձեռնեց ուղղութիւն մը, որ կը միտէր գիտական մօտեցումով՝ ուսումնասիրութեանց եւ վիճակագրական տուեալներու հիմամբ, կատարել ախտաճանաչում, մշակել ռազմավարական ընդհանուր ծրագիր (Strategic Plan), հեռահաս նկատառումով (Vision), իր ճշդուած առաքելութեամբ (Mission), ընդհանուր նպատակներով (Strategic Goals) եւ գործնական լուծումներով (Action Plans), անցնիլ շօշափելի քայլերու եւ հրահրել ապակեդրոնացած շարժում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայկական կեանքի բոլոր միաւորները՝ դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, կուսակցութիւններ եւ մամուլ, ինչպէս նաեւ լեզուով նախանձախնդիր անհատներ։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանն ու Ազգային Վարչութիւնը այսու ուրախ են յայտարարելու, որ նշեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը իբրեւ մնայուն մարմին, Ազգային Առաջնորդարանիս հովանու տակ՝ «Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմին» անունով։
Յանձնախումբի անդամներն են՝ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան, դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Ժորա Մանուչարեան, Վազգէն Մատէնլեան, դոկտ. Դալար Շահինեան-Մահրուքեան, դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան, դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան։

Լիայոյս ենք, որ այս Մարմինը փորձառութեամբ ու արհեստագիտական մօտեցումներով պիտի կատարէ յիշեալ առաջադրութիւնները եւ յետ այսու պաշտօնապէս պիտի գործակցի գաղութիս կազմակերպութեանց, միութեանց, կրթական հաստատութիւններուն ու մամուլին հետ, իր աշխատանքները համահայկական տարողութեամբ ծրագրելու համար։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի